Sari la conținutul principal
Poezie.ro
Proză

Õ…Õ«Õ½Õ¶Õ¡Õ´Õ¥Õ¡Õ¯Õ¨

3 min lectură·
Mediu
1944 Օգոստոս – Սեպտեմբերին Ռումանիոյ լեռնային այդ աւանին բնակիչներուն ճակատագիրը կը գրուէր երբեմն արիւնով, երբեմն յուսահատ փախուստի ոլորուն արահետներուն անընթեռնելի նշաններով: Պատերազմն էր որ խորշակի մը պէս կը թաւալէր, ցամաքեցնել սպառնալով կենդանութեան ամէն մէկ ծիլ: Գերմանները կը նահանջէին եւ թափուր միջոցը կը լեցուէր համայնավար գազանին վախովը: Պզտիկ ճաշարանի մը տէր եղած իմ գերտաստանս խուճապահար կը փութար երկաթուղիի կառքին մէջ թխմել ունեցած-չունեցածը ժամ առաջ հասնելու համար Գերմանիա: Բուռ մը Հայեր, ճակտի քրտինքով ճարած կարասիներուն քովիկը կքած, յանկարծ շանթահար կ\'անշարժանան ի լուր թագաւորին յայտարարութեան, որ Ռումանիա զէնքը կը դարձնէ երէկուան դաշնակցին՝ Գերմանիոյ դէմ եւ գրկաբաց կ\'ողջունէ խորհրդային բանակները: Կեանքը կտրուկ կը փոխէ իր հունը տարիներուդ վաստակը, յոգնաջան աշխատանքիդ պտուղը յանկարծ մահավճիռդ կը դառնան. Ունեցած պզտիկ ճաշարանդ դէմդ գրուած ամբաստանագիր մըն է յաչս Ռուսերուն, որոնք չունեւորը միայն ապրելու արժանի կը նկատեն: Երթա՞ս հիմա, թէ չերթաս: Վեց հոգի էին անոնք, որ իջան կառքէն. Տասներեք տարեկան հայրս, իր քոյրն ու եղբայրը, իր ծնողքն ու մեծ հայրը: Իջան, որպէսզի դարձեալ ապաստան փնտռեն, այս անգամ լքուած աղեհանքի մը մէջ: Հայրս կ\'ելլէր գիշերը, քաղաքը կ՝իջնէր, կը սլքտար ամայի փողոցները գտնելու համար կտոր մը հաց, կուժ մը ջուր\' գինով Ռուսի մը հայհոյանքո՜վը համեմուած: Երկար չկրցան դիմանալ սակայն. Հօրս մեծ հայրը փորի հիւանդութիւն մը ունեցաւ, որ զիրենք ստիպեց ելլել թաքստոցէն ու յանձնուիլ Աստուծոյ ողորմութեան: Աստուծոյ ողորմութիւնը կը մարմանցնէր խորհրդային բանակին պարէտը, որ Հայ մըն էր ու ատելի աստեղազարդ համազգեստին տակ ալ պահած էր Հայու սիրտը: Անականկալ այդ հովանաւորութիւնը ազատած էր ընտանիքս թէ՝ հալածանքէ, թէ՝ բոլոր ունեւորներուն բաժին ինկած նախատինքէ: Ընտանեկան պատմութեան այս դրուածքը թերեւս գրի պիտի չառնուէր, եթէ Հայու անքննելի ճակատագիրը չթելադրէր այդ պատմութեան տխուր վերջաբանը, կէս դար վերջ: Սակայն վերջաբանին չհասած կը կատարուի հետեւեալը. Հօրս մեծ հայրը գամուած է հիւանդութեան իր մահիճին՝ տնեցիներուն խնամքին ու կարեկցութեան անձնատուր, երբ խորհրդային «ազատարար» բանակին զինուորները կը խուժեն ներս, ըստ սովորութեան՝ կողոպուտի նպատակով: Հայու համբերութիւնը անսահման ըլալ կը թուի, բայց չէ\': Լուռ տառապանքին վերջակէտը զէնքին շաչիւնը կ\'ըլլայ՝: Ըմբոստ մեզ հայրս նորէն փախուստի կը դիմէ, այս անգամ լեռները, ուր գայլերուն դէմ միայնակ կը վայելէ «ճերմակ» ահաբեկիչի իր դառն փառքը: Սակայն շաբաթ մը վերջ կատարուածին մանրամասները յայտնի կը դառնան հայազգի հրամատարին, որ կը պատժէ կողոպտիչ զինուորներն ու տունդարձի արտօնութիւն կուտայ փախստական մեծ հօրս: Ընտանիքիս ազատ ազնիւ այդ հայորդին կը զոհուի քիչ մը վերջ ու կը թաղուի քառասուն այլ խորհրդային զինուորներու կողքին: Այժմ հասած կը թուի անակնկալ վերջաբանին կարգը: Յիսուն տարի վերջ, Երուսաղէմ, կը պարզուի, որ ուսոցիչներէս մին այդ հրամանատարին եղբօրորդին է: Հայրենաբնակ իրենց գերդաստանը տեղեկութիւն իսկ չէ ունեցած, թէ ո՝ւր թաղուած էր Ռումանիա զոհուած Սամուէլ Գրիգորեանը: Արիւնակցութեան զգացումը ժառանգական է: Անգամ մը հայաստանցի մը կ\'ազատէ Ռումանահայ ընտանիք մը: Ես այդ մարդոց թոռն ու ծոռս, Երուսաղէմէն կ\'օրհնեմ Սամուէլ Գրիգորեանի յիշատակն ու երախտիքս կը յայտնեմ հայրենաբնակ Գրիգորեաններուն: Գրեալ յԵրուսաղէմ 1996
001921
0

Despre aceasta lucrare

Tip
Proză
Cuvinte
433
Citire
3 min
Actualizat

Cum sa citezi

Paul Bogdan. “Õ…Õ«Õ½Õ¶Õ¡Õ´Õ¥Õ¡Õ¯Õ¨.” Atelier, Poezie.ro, https://poezie.ro/atelier/paul-bogdan/proza/1776642/oolesslesso12opoooyoo-o

Comentarii (0)

Autentifica-te pentru a lasa un comentariu.